2014-09-23 14:34:10

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 23 սեպտեմբերի քարոզը` ''Քրիստոնէական կեանքը պարզ է պէտք չէ բարդացնել զայն''։


''Քրիստոնէական կեանքը պարզ կեանք է, կը բաւէ ունկնդրել Աստուծոյ խօսքը ու զայն գործադրել'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, 23 սեպտեմբերին, առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ շեշտելով թէ պէտք չէ սահմանափակուիլ միայն Աւետարանը կարդալով, այլ պէտք է հարց տանք թէ Յիսուսին խօսքերը ի՞նչ կ՝ըսեն մեր կեանքին։
Օրուայ սուրբ գրային ըներցումին ակնարկելով, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, մատնանշեց, թէ Յիսուսի հետեւողները հրապուրուած էին Անոր արտասանած խօսքերէն։ Ամբոխին մէջ կային նաեւ անձեր որոնք կը հետեւէին Յիսուսին միայն իրենց անձնական շահերուն համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով Յիսուսի Սէրը անխտիր բոլորին հանդէպ՝, հաստատեց, թէ Քրիստոնեային կեանքը շատ պարզ է, կը բաւէ միան Յիսուսի խօսքերը լսել եւ զանոնք գործադրել'' ընդգծելով թէ Աստուծոյ խօսքին մտիկ ընելը կը նշանակէ Աւետարանը բանալ եւ կարդալ եւ պահ մը վերջ մտածել թէ կարդացածս ի՞նչ կը խօսի իմ սրտիս։
Ֆրանչիսկսոս Պապը քարոզը աւարտեց ըսելով ''Յիսուս բոլորին կ՝ընդունի, նոյնիսկ անոնք որոնք իր խօսքը կը լսեն եւ վերջը կը դատապարտեն Զինքը ինչպէս՝ Յուդան մատնեց Յիսուսին։ Տէրը միշտ կը սերմանէ իր խօսքը, միայն կը խնդրէ բաց սիրտ մը ունենալ որ իրեն մտիկ ընէ, եւ բարի կամք մը որ այդ լսած խօսքերը գործադրէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.